2016-09-10 10:51:00

Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւն` ''Տիրոջմէ կու գայ ողորմութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 10 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յոբելինական հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն որոնց շարքին էին նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիքա – Իտալական բանուորական շարժումի անդամ երիտասարդները։

Այս առթիւ ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս,

նոր Կտակարանի այն հատուածը որ ունկնդրեցինք, կը խօսի մեզի Աստուծոյ ողորմածութեան մասին, որ կը կատարուի փրկագործութեան միջոցաւ, այսինքն այն փրկութեամբ, որ մեզի շնորհուեցաւ Որդւոյն՝ Յիսուսի արեամբ (հմմտ Ա. Պետր Ա. 18-21)։

«Փրկագործութիւն» բառը քիչ կը գործածուի, սակայն հիմնական է, որովհետեւ ցոյց կու տայ ամենէն արմատական ազատագրումը, որ Աստուած կարող էր կատարել բոլոր մարդկութեան եւ բոլոր արարչութեան համար։

Կʼերեւի թէ այսօրուան մարդը չի սիրեր մտածել Աստուծոյ միջամտութեամբ ազատագրուած եւ փրկուած ըլլալու մասին. սակայն իր ունեցած ազատութեամբ մատնուած է այն ինքնախաբէութեան՝ թէ կարող է ամէն ինչի։

Սակայն իրականութեան մէջ, այսպէս չէ։ Ինչքա՛ն խաբկանքներ կը վաճառուին ազատութեան պատրուակի տակ, եւ որքա՛ն ստրկութիւններ կը ստեղծուին մեր օրերուն՝ սուտ ազատութեան մը անունով։

Պէտք ունինք որ Աստուած մեզ ազատէ անտարբերութեան որեւէ ձեւէ, անձնասիրութենէ եւ ինքնաբաւութեան յաւակնոտութենէ։ Պետրոս Առաքեալի խօսքերը շատ լաւ կ՛արտայայտեն կեանքի նոր վիճակի իմաստը՝ որուն կոչուած ենք։ Տէրը, ըլլալով մեզի նման, ոչ միայն կ՛ընդունի մարդկային վիճակը, այլ մեզ կը բարձրացնէ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու կարելիութեան։ Իր մահուամբ եւ յարութեամբ Յիսուս Քրիստոս, անարատ Գառը, յաղթահարեց մահը եւ մեղքը, ազատելու համար մեզ անոնց իշխանութենէն։ Ան Գառն է, որ զոհուեցաւ  մեզի համար, որպէսզի մենք կարենանք ստանալ նոր կեանք մը՝ ներումով, սիրով եւ ուրախութեամբ տոգորուած։ Այն ամէն բան, որ Ան իր վրայ առաւ՝ նաեւ փրկեց, ազատագրեց եւ պահպանեց։ Ապահով է, որ կեանքը մեզ կը փորձէ, եւ ասոր համար երբեմն կը տառապինք։ Սակայն, այդ պահերուն հրաւիրուած ենք մեր նայուածքը սեւեռելու խաչեցեալ Յիսուսի վրայ, որ կը տառապի մեզի համար եւ մեր հետ, իբր ապահով փաստ մը՝ որ Աստուած մեզ չի լքեր։ Սակայն երբեք չմոռնանք, թէ նեղութեան եւ հալածանքի մէջ, ինչպէս առօրեայ ցաւերուն մէջ, մինչ ազատագրուած ենք Աստուծոյ ողորմածութեան ձեռքով, որ մեզ Իրեն կը բարձրացնէ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ նոր կեանքի մը։ Աստուծոյ սէրը անսահման է. կրնանք յայտնաբերել միշտ նոր նշաններ, որոնք ցոյց կու տան Անոր ուշադրութիւնը մեր նկատմամբ, եւ մասնաւորապէս Անոր կամքը՝ միանալու մեզի եւ առաջնորդելու մեզ։

Մինչ մեր ամբողջ կեանքը յատկանշուած է մեղքի դիւրաբեկութեամբ՝ Աստուծոյ մեզ կը սիրէ եւ իր ուշադրութիւնը մեզմէ չի շեղեր։ Սուրբ Գրքի քանի՛ քանի՛ էջեր մեզի կը խօսին Աստուծոյ ներկայութեան, մօտիկութեան եւ քնքշութեան մասին՝ նկատմամբ ամէն մարդու, յատկապէս փոքրիկներու, աղքատներու եւ տանջուածներու։

Որքան աւելի կարիքն ունինք, այնքան աւելի Ան մեզի հանդէպ կը լեցուի ողորմածութեամբ։ Ան մեզի հանդէպ կը տածէ գթալիր կարեկցութիւն մը, որովհետեւ կը ճանչնայ մեր տկարութիւնները։

Ասոր համար, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բացուինք Անոր, ընկալենք Անոր շնորհքը. որովհետեւ, ինչպէս կʼըսէ Սաղմոսը՝ «Տիրոջմէ կու գայ ողորմութիւնը, եւ առատ է անոր փրկութիւնը» (Սաղ ՃԻԹ. 7)








All the contents on this site are copyrighted ©.